2014-06-14 12:00:28

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 14 Յունիսի թութիը ` ''Հակազդենք եւ աղօթենք Սուրիոյ խաղաղութեան համար''։


Շաբաթ, 14 Յունիս 2014-ին հրատարակած իր թուիթին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ անդրադարձաւ Սուրիոյ իրավիճակին, հրաւիրելով հաւատացեալները աղօթելու Սուրիոյ խաղաղութեան համար եւ զգուշացնելով զանոնք ''մեզմէ հեռու տառապանքներու մոռացութենէն''։
''Մեզի մօտէն չդպչող տառապանքները մոռնալու վտանգը կայ։Հակազդենք եւ աղօթենք Սուրիոյ խաղաղութեան համար''։ Գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը իր թուիթին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.